Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրի 36-ամեակը ուղերձներէն, մտորումներէն, խորհուրդի անդրադարձներէն անդին կարեւորագոյն ելակէտի վերածուելու ուղենիշը կը պարփակէ իր մէջ այս օրերուն: Շարժումի մը ելակէտին վերածուելու լուռ եւ բացայայտ պատգամը կ՛ամփոփէ իր մէջ, ուժերու համախմբման եւ հռչակագիրի սահմանադրականութիւնը պահելու ուղղութեամբ: Գործող իշխանութիւնները բացայայտ կը յայտարարեն նոր…
Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ յայտնեց. «Իրանի տնտեսական հաշուետուութեան օրը կը մօտենայ»` յայտարարելով. «Ուաշինկթըն այսօր արշալոյսին պիտի սկսի Թեհրանի վրայ իր տեսակին մէջ բացարձակապէս մեծագոյն ելեւմտական յարձակում մը»: Պեսենթ բացատրեց, որ նշեալ քայլի նպատակը կտրել է տնտեսական ամէն երակ, որ կը նպաստէ իրանեան վարչակարգին ոտքի մնալուն` զգուշացնելով երկիրները իրենց ճակատագիրը…
Երկու աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի կիրակի օր` Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքի մէջ օդուժի ռազմակայանի մը վրայ իսրայէլեան յարձակումէն քանի մը օր ետք Յորդանանի մէջ հանդիպում ունեցած է Մոսատի ղեկավար Ռոման Կոֆմանի հետ: Դիւանագիտական աղբիւր մը եւ սուրիական կառավարութենէն աղբիւր մը յայտնած են, որ անոնք քննարկած են շարք մը […]
«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան «Այ.24» պատկերասփիւռի կայանի քաղաքական հարցերու լրագրողը ըսած է, թէ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, Սուրիոյ եւ Իրաքի հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թամ Պարրաք յայտնած է, որ Կոլանի մէջ իսրայէլեան ներկայութեան վերաբերեալ իր յայտարարութիւնը «յայտնի պատմական արձանագրութեան նկարագրութիւն մըն էր» եւ Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան…
Քրեմլին կը յայտարարէ, թէ Բրիտանիան կը խոչընդոտէ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման` Քիեւին ՍՔԱԼՓ հեռահաս հրթիռներու արտադրութեան համար անհրաժեշտ տեղեկութիւններ տրամադրելով: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, թէ Բրիտանիան «հետեւողականօրէն կրակի վրայ իւղ կը թափէ» եւ կը փորձէ խոչընդոտել խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ…
Իրաքի վարչապետի ապահովական հարցերու խորհրդական Քասեմ Արաժի յայտնեց, որ Իրաք Իրանին ու Սէուտական Արաբիոյ ապահովական համակարգումի միացեալ խորհուրդ ստեղծելու առաջարկ ներկայացուցած է: Արաժի իրաքեան «Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանին ըսաւ, թէ առաջարկին նպատակը Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ վստահութեան տագնապը կարգաւորելն է: Ան այս առնչութեամբ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չներկայացուց:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Կիորկոս Կերափեթրիթիս հեռաձայնած է իր եգիպտացի պաշտօնակից Պատր Ապտելաթիի: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին արծարծուած են Եգիպտոսի եւ Յունաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան եւ շարունակուող համակարգումի լոյսին տակ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման կարելիութիւնները եւ շրջանային…
Երէկ Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրը ներկայացնելու ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Անկախութեան հռչակագիրին նոր Սահմանադրութեան մէջ յղում պէտք չէ ըլլայ: Ան ժամկէտներու մասին այդպէս ալ չխօսեցաւ, բայց ըսաւ, որ նոր Սահմանադրութեան բնագիրը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ ամիսներուն: Կիրակի օր Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման տարեդարձին առիթով Փաշինեանը վերջին հինգ տարուան…
Եթէ Հայաստանը այլեւս ՀԱՊԿ-ին անդամակցելու կարիքը չունի, ապա Երեւանը ազատ է որդեգրելու համապատասխան որոշում եւ կազմակերպութենէն դուրս գալու: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Ես կը դժուարանամ հասկնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ` գոհ պիտի ըլլար, եթէ իրեն հեռացնէին: Եթէ Երեւանը իր ազգային շահերէն մեկնելով այլեւս կարիք չունի շրջանային անվտանգութեան ապահովման այսքան կարեւոր…
Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղասսան Հասպանի ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքին յղեց բաց նամակ մը` յայտնելով. «Լիբանանի մէջ իրականութիւնը այն է, որ գոյութիւն ունի օրինական, ընտրուած իշխանութիւն, որ միայն ինք իրաւունք ունի Լիբանանի պետութեան ու ժողովուրդին անունով որոշումներ տալու` անկախ անկէ, թէ ինչ կրնան մտածել տալ իրողական գետնի վրայ պարտադրուող ուժերուն դիրքորոշումներն ու…
ՄԱՀԱԶԴ Տէր եւ տիկին Շանթ եւ Անի Տէմիրճեան (Հայաստան) Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Ֆլորա Տէմիրճեան եւ զաւակունք Տէր եւ տիկին Խաժակ եւ Յասմիկ Գոճայեան եւ զաւակունք Տիար մեթր Արա Տէմիրճեան Տէմիրճեան եւ Այնէճեան ընտանիքներ Խաչերեան եւ Գոճայեան ընտանիքներ Գազէզեան ընտանիք եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր եւ հարազատին` ՅԱՐՈՒԹ ՄԿՐՏԻՉ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆԻ […]
Թուրքիա-Իսրայէլ հռետորաբանական-տեղեկատուական լարուածութեան խորապատկերին վրայ կ՛երեւի Անգարայի յատուկ պատուիրակութեան այցելութիւնը Պէյրութ: Կը նշուին երկու անձնաւորութիւններ` Էրտողանի զաւակը, որուն կը վերագրուի մարդասիրական եւ տնտեսական օժանդակութիւններու ծրագիրներու պատասխանատուութիւն, եւ արտաքին հետախուզութեան պետը: Անսպասելի չէր, որ երկու ուղղութիւններով ալ փոխադարձ այցելութիւններ…
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 20 օգոստոս 2026-ին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Ազգային հանդիպումի պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի: Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Ազգային հանդիպումի` քաղաքական ուժերու եւ ազգային դէմքերու հետ ունեցած…
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրան «երբեք հիւլէական զէնք պիտի չունենայ»` նշելով, որ Միացեալ Նահանգները Հորմուզի նեղուցին կը վերահսկեն: Թրամփ աւելցուց, որ եթէ Իրան հիւլէական զէնք ունենար, զայն կ՛օգտագործէր եւ «Իսրայէլն ու ամբողջ Միջին Արեւելքը կ՛ոչնչացնէր»: Ան ըսաւ, որ Իրան վերածուած է շրջանին մէջ գերիշխող ուժը եւ «բոլորը բռնածաղրի կ՛ենթարկէ»: Սպիտակ տան ղեկավարը […]
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը գրեց. «Անգարայի խիստ թշնամական կառավարութեան հովանիին տակ Սուրիոյ մէջ թրքական ուժեղ զինուորական ներկայութեան ի յայտ գալը խորքային այլ մարտահրաւէրներ պիտի ստեղծէ. թրքական ռատարները, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, օդանաւերն ու անօդաչու թռչող սարքերը կրնան սահմանափակել Իսրայէլի տեղաշարժի ազատութիւնը եւ առանց այդ ալ անկայուն հիւսիսային բեմը վերածել այնպիսի…
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտնեց. «Էրտողան կը ջանայ Սուրիայէն Իսրայէլի վրայ իր յարձակումը ընդլայնել, եւ Իսրայէլ այդ մէկը պիտի չարտօնէ: Էրտողանի Իսրայէլի ղեկավարներն ու զինուորները վախցնելու ողորմելի փորձը որեւէ արդիւնք պիտի չտայ»: «Իսրայէլ պիտի շարունակէ ուժեղ կերպով գործել շրջանին մէջ կայունութիւնը քայքայելու Թուրքիոյ փորձերուն եւ իր անվտանգութեան նկատմամբ որեւէ…
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ առաւօտեան հասաւ Սուր քաղաք` ընկերակցութեամբ պաշտպանութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Մուսթաֆայի, եւ ուղղուեցաւ լիբանանեան բանակի «Պենուա Պարաքաթ» զօրանոց, ուր զինք ընդունեցին պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսան, բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հասսան Աուտէն եւ Լիթանիէն հարաւ շրջանի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Նիքոլա Թապեթը: Սալամ…
Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ նախարարութեան օտար հաշիւներուն հսկողութեան գրասենեակը պատժամիջոցներու ցուցակին վրայ առած է տասը անձեր, որոնք մաս կը կազմեն Հըզպալլային գումարներ փոխանցելու պատասխանատու ցանցի մը: Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ նշեալ ցանցը կ՛օգտագործէ Լիբանանի, Թուրքիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Իրանի միջեւ առեւտրական թռիչքներու վրայ ճամբորդներ`…
Միացեալ Նահանգներու նախագահի ափրիկեան եւ արաբական հարցերու աւագ խորհրդական Մասաատ Պուլոս յայտնեց, որ Իրան Հըզպալլան կ՛օգտագործէ Միջին Արեւելքի մէջ քաոս տարածելու, Լիբանանի գերիշխանութիւնը ականահարելու եւ շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն սպառնալու համար: Պուլոս ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ Հըզպալլայի վերաորակաւորումն ու Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի…
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱՒՕ ԶԱՐՄԷՆԵԱՆի մահուան Գ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 23 օգոստոս 2026-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
Երէկ` 20 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած է մշտական յանձնախումբերու նախագահներու ընտրութիւն: Ըստ քուէարկութեան արդիւնքներուն, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնախումբի նախագահի պաշտօնին մէջ ընտրուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը: Յայտնենք, որ Ազգային ժողովի միւս ընդդիմադիր խմբակցութեան`…
«Տիգրանաշէն գիւղը Ազրպէյճանի վերահսկողութեան հաւանական յանձնելը անմիջական սպառնալիք պիտի ստեղծէ անվտանգութեան համար եւ պիտի կտրէ Հայաստանի կեդրոնը անոր հարաւին հետ կապող առանցքային փոխադրական զարկերակները»: Այս մասին 20 օգոստոսին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» դաշինքի խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեանը: Մեկնաբանելով…
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Իրանի դէմ շղթայազերծած է «տնտեսական ամէնէն հզօր եւ զգետնիչ գործողութիւնը», որ պիտի ըլլայ «աննախադէպ մակարդակի տնտեսական պատերազմ մը եւ մեկուսացում մը»: Ան այս քայլը նմանցուց «տնտեսական ցամաքահանման օր»-ի` ակնարկելով Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին Նորմանտիի ցամաքահանման: Թրամփ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն կոչ ուղղեց` անոնց կողքին…
Ազրպէյճան դատ բացաւ «Սի.Էն.Էն.»-ի դէմ` ամերիկեան լրատուամիջոցը մեղադրելով զրպարտութեան յանցանքով: Պաքուն կը պնդէ, որ «Սի.Էն.Էն.»-ը կեղծ տեղեկութիւններ տարածած է` գրելով, որ Ազրպէյճանը Իսրայէլին թոյլատրած է իր տարածքը օգտագործել Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններու համար: Ներկայացուած հայցը, «Պլումպըրկ»-ի համաձայն, կը վերաբերի յունիսին «Սի.Էն.Էն.»-ի հրապարակած յօդուածին, որուն մէջ կը նշուի, որ…
«Ռուսիան բաց է Վրաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու կարելիութեան համար, սակայն այս պահուն այդ հարցը օրակարգի վրայ չկայ»: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա` պնդելով, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման նախաձեռնութիւնը պէտք է գայ Վրաստանէն: «Մենք մէկ անգամ չէ, որ յայտարարած ենք, որ բաց ենք նման…
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ նշեց. «Անցեալ ամիս, մեր ազգային գերիշխանութեան Միջազգային քրէական դատարանի սպառնալիքը կազմաքանդելու դիւանագիտական արշաւ նախաձեռնուեցաւ: «Թրամփի վարչակազմը ամերիկացիները այս կեղծ դատարանէն պաշտպանելու մեր աներեր առաքելութեան ծիրին մէջ պատժամիջոցներ հաստատած է Միջազգային քրէական դատարանի նախագահ Թոմոքօ Աքանիի եւ աւագ փաստաբան Ապտալլա Սիյիի…
Չինաստանը հաւանութիւն կու տայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի խօսքին այն մասին, թէ անհրաժեշտ է չմոռնալ այն փաստը, որ Ճափոնը ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան մէջ իբրեւ թշնամական պետութիւն նշուած է: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լին Ցզիան: «Չինական կողմը հաւանութիւն կու տայ արտաքին […]
Պրազիլեան իշխանութիւններու ամերիկացի պաշտօնատարներու Պրազիլ մուտքի արտօնագիր տալ մերժելէն քանի մը օր ետք, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ջնջած են Ուաշինկթընի մէջ Պրազիլի դեսպան Մարիա Լուիզա Ռիպէյրօ Վիոթթիի մուտքի արտօնագիրը: Այս մասին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը: Պաշտօնատարին համաձայն, այս որոշումը դեսպանի` երկրէն վտարում…
Նիւ Եորքի մէջ 30 օգոստոսին պիտի սկսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի բաց մրցաշարքը, որ կը նկատուի տարուան 4-րդ եւ վերջին կրան շլեմի մրցաշարքը: «Ֆլաշինկ Մետոզ»-ի մէջ տեղի ունեցող այս մրցաշարքի նախօրեակին, մրցաշարքի կազմակերպիչ մարմինը «Ուալտ քարտ» (հրաւէր) բաժնեց 46 տարեկան Վինըս Ուիլիամզին, որ 2 անգամ շահած է «Եու. Էս. Օփընը, Սլոն Սթեֆընզին (33 տարեկան)` 2017-ի […]
ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Աւելի քան մէկ դար անցած է Հայոց ցեղասպանութենէն: Այդ ժամանակաշրջանը միայն կորստեան, տեղահանութեան եւ ցաւի պատմութիւն չէ: Ան նաեւ ազգային վերակազմակերպման բացառիկ փորձառութիւն է: Հայրենիքին մեծ մասէն զրկուած եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ցրուած ժողովուրդ մը կարողացաւ վերակառուցել իր հաւաքական կեանքը` հիմնելով դպրոցներ, եկեղեցիներ, կուսակցութիւններ, բարեսիրական ու մշակութային…
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Արման Եղոյեանի` Ազգային ժողովի ամպիոնէն հնչեցուցած այն միտքը, թէ «որքան զօրաւոր է սփիւռքը, այնքան զօրաւոր է Հայաստանը» համոզումը միֆ (անհիմն համոզում, շինծու պատկերացում) է, կարելի չէ դիտել իբրեւ առանձին, պատահական կամ զուտ տեսական դատողութիւն: Ասիկա ամբողջովին կը տեղաւորուի վերջին տարիներուն իշխանութեան կողմէ յառաջ մղուող «Իրական Հայաստան» գաղափարախօսութեան տրամաբանութեան մէջ, որ…
Հինգշաբթի, 23 յուլիս 2026-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի անդամները երկրորդ տարին ըլլալով այցելեցին Ազգային ծերանոց: Այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը դարձաւ «Նարեկացի»-ի բարի աւանդութիւններէն մէկը` նպատակ ունենալով մօտենալ մեր տարեցներուն եւ անոնց պարգեւել սիրալիր եւ յիշարժան պահեր: Այցելութեան ընթացքին անդամները առիթ ունեցան հանդիպելու մեր սիրելի…
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Երբ դպրոցական տարեշրջանի վերամուտը մօտենայ, բնականաբար արծարծուող բազմաթիւ հարցերու շարքին հրատապ կը դառնայ ժամանակակից արհեստագիտութեան գործածութիւնը: «Տը քոնվըրզէյշըն» կայքը այս մասին հրապարակած է հետաքրքրական յօդուած մը: Ն. Մեզմէ շատեր ժամանակէ մը ի վեր կ՛ուղղեն ամօթալի այս հարցումը. բարդ գիտութեան եւ արհեստագիտութեան, նաեւ տնտեսական աննախընթաց բարգաւաճման…
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Իմ ծնողներս Մարաշէն եկած են»: «Իմ մեծ ծնողներս` Ատանայէն, Այնթապէն, Հաճընէն…»: Առաջին անգամն է, որ կ՛այցելէի հայկական գաղութներ, ուր հայեր յաճախակիօրէն կը յիշէին իրենց պապենական արմատները` առնչելով իրենց ինքնութիւնը պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հետ: Այս իրականութիւնը ապրեցայ Պրազիլի եւ Ուրուկուէյի մէջ: Լատին Ամերիկայի հայկական իրականութիւններու մէկ յատկանիշն է, որ ինծի…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Գլաձոր» տարեգիրքի ԻԱ. տարուան (2024-2026) հատորը լոյս տեսաւ Անթիլիասի մայրավանքի տպարանէն: Սոյն տարեգիրքը կը ստանայ առանձնայատուկ նշանակութիւն, որովհետեւ կը համընկնի մեր եկեղեցական եւ ազգային կեանքին մէջ յատուկ խորհուրդ կրող երկու կարեւոր յոբելեաններու: Արդարեւ, մենք կը նշենք Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակը եւ դպրեվանքի հիմնադրութեան…
ՍՏԱՑԱՆՔ «ԱԲԲԱՍԵԱՆ ԽԱԼԻՖԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԸ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ (991-1258)» (ՀԱՅ ՄԱՅՐԵՐԷ ԾՆԱԾ ԱԲԲԱՍԵԱՆ ԽԱԼԻՖԱՆԵՐ) (Արաբերէնով) Հեղինակ` ՊԵՏՐՈՍ ՄՈՎՍԷՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ 2026 ————————————– ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ Րաֆֆի Սապունճեանի մահուան առիթով, 13 օգոստոս 2026-ին հետեւեալ նուիրատուութիւնները կատարուած են Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին: – Րաֆֆի Գարակէօզեան 250.000 լ. ո. – Նեժիպ Ապտելնուրի ընտանիք 100$ –…
Սուրիական տարածքին վրայ թրքական թիրախներու դէմ Իսրայէլի գործած յարձակումը Անգարա-Թել Աւիւ լարուածութեան նոր աստիճանաչափ կը գրանցէ: Միջնորդաւորուած բախումներ` գործող իշխանութիւններու յարող զինեալ խմբաւորումներու եւ տիւրզիներու ճամբով արձանագրուած էին: Հիմա ուղղակի թրքական ռազմակայան է, որ կը հարուածուի իրավիճակին հաղորդելով նոր բնոյթ: Այս քայլով Իսրայէլ կը փորձէ ցոյց տալ, որ թրքական նոր յենակէտեր…
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր աւագ բանագնացներէն պահանջած է Իրանի հետ իրենց բանակցութիւնները դադրեցնել: Աղբիւրը աւելցուցած է, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ իրենց դաշնակիցներուն յայտնած են, թէ իրենց ռազմավարութիւնը փոխելով Իրանը աստիճանաբար խեղդելու անցնելու ընթացքի մէջ են: Պաշտօնատարներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են, թէ Թրամփ դժգոհ է, որ…